Ղազախստանի մէջ իրենց աւարտին հասան աղջկանց պասքեթպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Աքթաուի Քասփիյ խումբը, որուն կազմէն կը շարունակէ յաջող ելոյթներ ունենալ Ինկա Մանուչարեան:
Հայաստանի աղջկանց պատանեկան հաւաքականներու նախկին մարզիկը ախոյեանութեան ամէնէն շատ կէտ նշանակող խաղացողներէն մէկն է, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Քասփիյի մարզիչներն են հայազգի Բագրատ եւ Համլեթ Առաքելեանները:
20 տարեկան Մանուչարեան նախորդ նոյեմբերին հայկական Երեւան-Պասքեթ խումբէն տեղափոխուած էր ղազախական ակումբ: