
«Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, Պարսելոնա ակումբի նախագահական ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` այս հարցը քննարկելէ ետք քաթալոնական կառավարութեան հետ:
Նշենք, որ ընտրութեան թուական ճշդուած էր 24 յունուարը: