Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը երկու օրէ ի վեր հաւաք կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, մինչ աղջկանց հաւաքականը կը մարզուի Օլիմփիաւանի մէջ:
Խումբերուն մէջ ընդգրկուած են շուրջ 40 երկսեռ մարզիկներ: Անոնց առողջական վիճակին կը հետեւին նաեւ բժիշկներ եւ մարձողներ:
Ծանրաբարձները կը պատրաստուին 1-7 փետրուարին տեղի ունենալիք Հայաստանի ախոյեանութեան, որուն պիտի յաջորդեն հաւաքներ եւ յատուկ փորձեր:
Անոնց արդիւնքին լոյսին տակ պիտի որոշուի հաւաքականին կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 1 ապրիլին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան նշեց, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 10 տղաք եւ 5 աղջիկներ: