Ինչպէս ծանօթ է, 31 յունուարին Փիւնիկ Երեւանի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Շարժա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին:
Նախքան Շարժա մեկնիլը, Փիւնիկ Երեւանի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երեք մրցում:
Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան Ուրարտու (21 յունուար), Վան (24 յունուար) եւ Ուրարտու-2 (28 յունուար):