Սպանական Ֆութպոլ. Վաղը` Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ Աւարտական
Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի ճակատումը կը կատարուի վաղը` կիրակի, երբ «Էսթատիօ Տը Լա Քարթուխա» մարզադաշտին վրայ (Սեւիլլա) իրարու դէմ կը մրցին Պարսելոնա եւ Աթլեթիք Պիլպաօ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին չէզոք դաշտերու վրայ տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Աթլեթիք Պիլպաօ ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռէալ Մատրիտը` անոր դէմ արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեց Ռաուլ Կարսիա, մինչ Ռէալի կոլը` Քարիմ Պենզեմա:
Նշենք, որ կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Պարսելոնա իր յաղթանակը արձանագրեց Ռէալ Սոսիետատի դէմ` փենալթիներով, 3-2 արդիւնքով: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 հաւասար արդիւնքով: