Փոքեթինօ` Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատմութեան Ամէնէն Բարձր Պարգեւատրուող Մարզիչը
Ֆրանսական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Լ՛էքիփ» երէկ յայտնեց, որ արժանթինցի ֆութպոլի մասնագէտ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ, Փարիզ Սեն Ժերմենի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչը կը հանդիսանայ:
Արժանթինցին, որ նախորդ 2 յունուարին նշանակուեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմի մարզիչ, ամսական կը ստանայ 940.000 եւրօ աշխատավարձ (տարեկան` 11,3 միլիոն եւրօ):
Նշենք, որ ան փոխարինեց Թոմաս Թուխելին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական