Հոկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի քարաթէի 12-րդ բաց ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւած իրանցի մարզիկ Ահմետ Բաղերիփուր որոշեց իր ոսկի մետալը իբրեւ յարգանքի տուրք նուիրել 2020-ին արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած Արթուր Սուքիասեանի ընտանիքին, այս մասին յայտնեց Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախանցեալ օր իրանցի մարզիկը Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան երրորդ քարտուղար Գոռ Շահվերդեանին յանձնեց իր ոսկի մետալը` Արթուր Սուքիասեանի ընտանիքին ուղարկելու համար:
Արթուր Սուքիասեան եւ Ահմետ Բաղերիփուր միասին մասնակցած են շարք մը ախոյեանութիւններու եւ ունեցած բարեկամական յարաբերութիւններ: