Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ կատարուող Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին գծով երէկ կատարուեցան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Յովիկ Հայրապետեան շարունակեց մնալ յառաջատար` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 5,5 կէտ:
Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ռուսիան ներկայացնող Ռուդիկ Մակարեան (4,5 կէտով):