Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր առաջին ժողովը:
Ինչպէս ծանօթ է, ողիմպիական կոմիտէին ընտրութիւնները թէեւ կատարուեցան հինգշաբթի, 25 փետրուարին, սակայն պաշտօններու բաժանում չկատարուեցաւ, որովհետեւ որոշուեցաւ ատիկա կատարել կոմիտէի առաջին ժողովին:
Նոր նախագահ ընտրուեցաւ Փիեռ Ժալըխ, մինչ փոխնախագահներ` Հաշեմ Հայտար, Ժաք Թամեր, Սեմի Քըպլաուի եւ Ասաատ Նախըլ:
Ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը դարձեալ պահեց հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ:
Խըտըր Մըքլատ նշանակուեցաւ գանձապահ, Ռապիհ Սալեմ` հաշուապահ, մինչ մնացեալները` Մազեն Ռամատան, Մահմուտ Հաթապ, Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Ուալիտ Տըմիաթի մնացին խորհրդականներ:
Նշենք, որ այսպիսով, Փիեռ Ժալըխ կը հանդիսանայ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի 8-րդ նախագահը (1947-էն սկսեալ)` Կապրիէլ Ժեմայելէն, Հիւսէյն Սըժաանէն, Խալիլ Հըլմիէն, Թոնի Խուրիէն, զօրավար Սուհէյլ Խուրիէն, Անթուան Շարթիէէն եւ Ժան Համմամէն ետք: