Նէյմար Պիտի Բացակայի Պարսելոնայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 10 մարտին, Փարիզի մէջ, կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
29 տարեկան Նէյմար կը շարունակէ ապաքինիլ մկանային վնասուածքէն, որ ստացած էր Քաննի դէմ կատարուած մրցումին ընթացքին (Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք):
Երթի մրցումին, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանը 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր առանց Նէյմարի:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական