«Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 8 մրցումներ, մինչ Թորոնթօ Ռեփթըրզ-Շիքակօ Պուլզ մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ռեփթըրզ չկրցաւ ապահովել ութ մարզիկներ, որոնք պիտի մրցէին այս մրցումին համար: Խումբին մարզիկներուն կէսէն աւելին վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, 117-91 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 19 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի` 16 կէտ:
Ֆէոնիքս Սանզ 118-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 43 կէտ:
Թէեւ Պրետլի Պիլ նշանակեց 46 կէտ, սակայն անոր կազմը` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, Պոսթըն Սելթիքսի դաշտին վրայ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 111-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: