Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ (ՖԻՏԷ) երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ մէկ դիրք բարձրանալով այժմ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Հակառակ անոր որ ան նախորդ շաբաթ յայտարարած էր, որ կը հեռանայ Հայաստանէն, սակայն ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ ցարդ կը ներկայացնէ Հայաստանը: Շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիս ան նկատի առնուի իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ճատրակ խաղացող:
Հայրենի կրանտմասթըրներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 54-րդ դիրքը, մինչ Հրանդ Մելքումեան կը գտնուի 77-րդ դիրքին վրայ:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն: