Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ Երեւան, որ Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հիւրը եղաւ Շիրակին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Երեւանեան ակումբին կոլերը նշանակեցին ուքրանացիներ Նիքիթա Թաթարքով (56-րդ) եւ Օլեկ Քոժուշքօ (90+1-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը, ապահովելով տարեշրջանի իր 8-րդ կէտը, խոյս տուաւ վերջին դիրքէն` իր տեղը զիջելով Շիրակին (9-րդ):
Ինչ կը վերաբերի Արարատ-Երեւանի եւ Չարենցաւանի Վանին միջեւ տեղի ունեցած մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Արարատ-Երեւան այժմ 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: