Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արմէն Մանուչարեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Աքթոպէի հետ, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ներկայիս 26 տարեկան Մանուչարեան, իր ակումբին հետ հաւաք մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին հայրենի ֆութպոլիստը, իր պայմանագրութիւնը խզեց ռուսական «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Ռոթոր Վոլկոկրատի հետ, որուն միացած էր օգոստոս 2020-ին:
Նախապէս ան մաս կազմած է նաեւ Փիւնիկ Երեւանի: