Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ճորտան Վերեթու նախորդ շաբաթավերջին Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 24-րդ հանգրուանի մրցումին նշանակեց տարեշրջանի իր 10-րդ կոլը:
Վերջին 35 տարիներուն ընթացքին, Վերեթու առաջին ֆրանսացի ֆութպոլիստն է, որ «Քալչիօ»-ի տարեշրջանի մը ընթացքին կը նշանակէ նուազագոյնը 10 կոլ:
Նախապէս այս իրագործումը կատարած էր Եուվենթուսի անցեալի ֆութպոլիստ Միշել Փլաթինի, 1985-1986 տարեշրջանին:
Նշենք, որ Ա. Սէ. Միլանի դէմ կատարուած այս մրցումին, որ աւարտեցաւ միլանեան կազմին յաղթանակով (2-1), իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:



