«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան եօթը ճակատումներ:
Բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք, երկարաձգումէն ետք վերջ գտաւ Պրուքլին Նեթց-Սան Անթոնիօ Սփըրզ ճակատումը` ի նպաստ հիւր կազմին` Նեթցի, 124-113 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն մեծապէս նպաստեց իր կազմին, երբ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (30 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 15 էսիսթ):
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ. »-ի պատմութեան առաջին մարզիկը, որ այս արդիւնքը կ’արձանագրէ եւ թրիփըլ տապըլի հեղինակ կը դառնայ, առանց թըրն օվըր կատարելու:
Նախապէս, Լեպրոն Ճէյմս եւ երկու ուրիշներ, առանց թըրն օվըրի, յաջողած էին տապըլ տապըլ մը իրագործել, սակայն ոչ` թրիփըլ տապըլ: