Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմող շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, շատ հաւանաբար բացակայի Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ կատարուելիք երկու մրցումներէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Այս երկու մրցումները կ՛իյնան «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Ան նախորդ շաբաթավերջին ձախ ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի նուազագոյնը 10 օր:
Երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը պիտի կատարուի 11 մարտին, իսկ դարձի մրցումը` 18 մարտին:



