Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») վերջին դիրքին վրայ գտնուող Շալքէի ղեկավարութիւնը գործնական քայլերու դիմելով երէկ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը եւ անոր հետ աշխատող գրեթէ ամբողջ անձնակազմը, այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը:
Իր կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով, Քրիսթիան Կրոս կորսնցուց գլխաւոր մարզիչի իր պաշտօնը:
Ընթացիկ ախոյեանութեան, Շալքէ, որ կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ եւ վերջին դիրքը, իր տրամադրութեան տակ ունի միայն 9 կէտ:
23-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Շալքէ, որ արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ, կրած է 16 պարտութիւն եւ արձանագրած 6 հաւասարութիւն:



