Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ կռփամարտի հանրապետական կարգի աւանդական մրցաշարք մը, նուիրուած` 2016-ին ապրիլեան պատերազմին ընթացքին զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին կռփամարտի խումբեր Մարտունիէն, Վանաձորէն, Արցախէն, Վայքէն, Երեւանի Վ. Ենգիբարեանի մարզադպրոցէն, Երեւանի Էրեբունի համայնքէն, Հրազդանէն, Սեւանէն, Քաջարանէն, Էջմիածինէն, Եղեգնաձորէն, Կապանէն, Լճաշէնէն, Կուրթանէն, Սիսիանէն, Արենիէն, Խաչիկէն, Նորատուսէն եւ այլ համայնքներէ:
Նշենք, որ մրցաշարքը կազմակերպած էր Մարտունի մարզադպրոցը եւ Գեղարքունիքի մարզի կռփամարտի ֆետերասիոնը:
Խմբային դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Մարտունի մարզադպրոցը, ապա յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Վանաձորն ու Երեւանի Էրեբունի համայնքը:
Յաղթականները պարգեւատրուեցան մետալներով եւ հաստատագիրներով, իսկ մրցանակային դիրքեր գրաւած խումբերուն մարզիչները Գեղարքունիքի մարզի կռփամարտի ֆետերասիոնին կողմէ ստացան բաժակներ եւ յուշանուէրներ:
Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով: