«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին երկուքական ճակատումներ:
Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, չորս խումբեր հրաժեշտ պիտի տան մրցաշարքին, մինչ մնացեալ չորսը պիտի ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Այսօրուան կարեւորագոյն ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, ուր Գերմանիոյ ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, հիւրը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ ֆրանսական կազմը երթին բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Գերմանիոյ մէջ` 3-2 արդիւնքով:
Այսօրուան երկրորդ մրցումը նոյն ժամուն իրարու դէմ պիտի հանէ Չելսին եւ Փորթոն: Երթին լոնտոնեան կազմը Փորթուգալի մէջ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը: