Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Թոթենհամ իր դաշտին վրայ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Մանչեսթըր Եունայթըտէն:
Այս պարտութիւնը լոնտոնեան կազմին համար եղաւ տարեշրջանի 10-րդը:
Այսպիսով, մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ տարեշրջանի մը ընթացքին կը պարտուի 10-րդ մրցումն ըլլալով, այս մասին յայտնեց «Սքուաուքա»:
Անոր կազմը այժմ 49 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Մանչեսթըր Սիթի` 74 կէտով, մինչ 63 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ է Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ:


