Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շաբաթ, 10 ապրիլին, Ժամալ Ապտել Նասեր մարզադաշտին վրայ (Խիարա, Պեքաա) հիւրը եղաւ Ուահտէ Մարժ խումբին:
Տարեշրջանի առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած, մինչ երրորդին յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ յաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերը նշանակեց Սերժ Օսքեան, յաջորդաբար` 56-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն:
Հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ զգալի էր պայքարի ոգին, մանաւանդ որ անոնց մօտ կը նկատուէր յաղթելու վճռականութիւնը եւ իրենց մրցակիցէն երեք կէտ խլելու առաջնահերթութիւնը:
Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ մրցումներուն եւս անոնք դաշտ ներկայանան վճռական ձեւով` ապահովելով առաւելագոյն կէտերը` իրենց մրցակիցներէն:
Ինչ կը վերաբերի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կրեց իր առաջին պարտութիւնը` իր արձանագրած յաջորդական երեք յաղթանակներէն ետք:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ Մապարրայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Պշամունի դէմ, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Մոսիկ Գալընճեան: