Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի վարկանշային ախոյեանութեան:
Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը պիտի մասնակցի 73 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Կարապետեան, որ այժմ ունի վարկանշային 1552 կէտ, իր դասակարգին մէջ 38-րդ դիրքին վրայ է:
Նոր օրէնքով, Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն իւրաքանչիւր դասակարգի մրցումներուն պիտի մասնակցին 18 մարզիկներ: