Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը չյաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաղթանակը` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Աուըր կէյմ» ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն:
Արդարեւ, Չարենցաւանի մարզադաշտին վրայ իր կատարած մրցումին, հայրենի կազմը արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Յորդանանի դէմ:
Այլ մրցումի մը, Լիբանան, որ մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ, կրեց իր երկրորդ` քիչ մը ծանր պարտութիւնը` 7-1 արդիւնքով: