Պոն Փասթոր-Քարմելօ մրցումը, որ կ՛իյնայ Քաթալոնիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, աւարտեցաւ համակիրներուն եւ ֆութպոլիստներուն միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքով:
Աւարտական սուլիչէն քանի մը վայրկեան առաջ, մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ վիճաբանութիւն` երկու կազմերու ֆութպոլիստներուն միջեւ:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը դաշտէն վտարեց մարզիկներէն մէկը, որմէ ետք մարզադաշտ խուժեցին համակիրները, որոնք կռուեցան ֆութպոլիստներուն հետ:



