Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ իրարու դէմ մրցեցան Շիրակն ու Ալաշկերտը:
Գիւմրիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Այս մրցումէն ետք, Ալաշկերտ այժմ 27 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, մինչ Շիրակ կը գտնուի վերջին դիրքին վրայ (9 կէտով): Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ` 28 կէտով: