Եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Կարէն Տօնականեան, որ երէկ կատարեց իր երկրորդ մենամարտը արհեստավարժ ռինկի վրայ, յաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաղթանակը:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի երեկոյի մը ընթացքին, հայրենի մարզիկը, որ մրցեցաւ Հարաւային Ափրիկէն ներկայացնող Մայեմու Ռոֆիվայի դէմ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթանակ արձանագրեց:
Նշենք, որ Տօնականեան արհեստավարժ ռինկի վրայ իր առաջին յաղթանակը արձանագրած էր նախորդ տարուան հոկտեմբերին` յաղթելով Անտրէյ ԻսաՅեւին (Պիելոռուսիա):
Ռոֆիվա, որ արհեստավարժ ռինկի վրայ արձանագրած է 19 յաղթանակ, անցեալին հանդիսացած է նաեւ «Տապըլիու. Պի. Էյ. »-ի վարկածով Ափրիկէի ախոյեան: