Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Աննա Սարգսեան հանդիսացաւ երկրորդ` Պիելոռուսիոյ միջազգային մրցաշարքին: Այս մրցաշարքին Հայաստան ունէր հինգ ներկայացուցիչ:
«Օրշա Օփըն-2021»-ի այս մրցաշարքին առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով Սարգսեան տիրացաւ արծաթ մետալին:
Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները գրաւեցին հետեւեալ դիրքերը. Արմէն Բարսեղեան` 5-րդ, Վահէ Գրիգորեան` 39-րդ, Ռաֆայէլ Ստեփանեան` 41-րդ եւ Արարատ Ստեփանեան` 50-րդ:
Նշենք, որ Սարգսեանէն առաջ Հայաստանը ներկայացնող այլ կրանտմասթըր մը` Հայկ Մարտիրոսեան, տիրացած էր Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած «Պելկրատ Սփրինկ Չես Ֆեսթիվըլ-2021» միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ: Ան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան: