Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ դարձաւ ակումբին նոր ֆութպոլիստը:
32 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Պարսելոնայի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ բժշկական յաջող քննութիւններու ենթարկուեցաւ, ստորագրեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ ուժի մէջ կը մտնէ 1 յուլիսին:
Նշուեցաւ, որ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 100 միլիոն եւրօ:
Ինչպէս ծանօթ է, Մանչեսթըր Սիթիի հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիսին:
Ան մանչեսթըրեան ակումբին շապիկը կը կրէ 2011-էն ի վեր: