Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գաբուզեան նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ ապահովել աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իր տոմսը` վճռորոշ ճակատումին յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Սանալ Ուահապի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Նշենք, որ այս տարի Գաբուզեան երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան եւ ընդգրկուեցաւ Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ:
Ան Հայաստանի ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ 2017-ին: