Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին բերդապահ Գէորգ Գասպարով նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Ալաշկերտ Երեւանի հետ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսանալէ ետք:
40 տարեկան Գասպարով, որ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ 25 տարի, նախորդ դեկտեմբերին հեռանալով Շիրակ Գիւմրիէն, միացաւ Ալաշկերտի:
Նշենք, որ շուրջ 15 ակումբներու ալ մաս կազմած Գասպարով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 29 մրցումի եւ իր բերդին մէջ ստացած 34 կոլ:



