Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախանցեալ օր ժամանեց Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպ, այսօր` երեքշաբթի, 1 յունիսին, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ դաշտին տիրոջ դէմ:
Աշխարհի փոխախոյեանին դէմ այսօրուան մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոս այս մրցումին համար իր կազմին մէջ կատարած է շարք մը փոփոխութիւններ: Անոր կազմին մէջ չէ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Բայց եւ այնպէս, սպանացի ֆութպոլի մասնագէտը երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին, երբ պաշտօնական մրցումներ տեղի ունենան, անպայման նկատի պիտի ունենայ Մխիթարեանի նման փորձառու ֆութպոլիստ մը:




