Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. » նշեց , որ 13 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 36-րդ ռելին:
Նշուեցաւ, որ այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 232,27 քմ:
Անոր արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 8 յունիս, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ը:
Անոր յաջորդող օրը պիտի հրապարակուին ռելիին մասնակցող վարորդներուն անունները: