Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Մուաուատի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմին կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (23-րդ) եւ Շանթ Պալեան (26-րդ), իսկ Մուաուատի կոլերը` Սեւակ Օհանեան (22-րդ) եւ Աւետիս Տօնպուրեան (30-րդ):
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ունեցան բաւական ներդաշնակ խաղարկութիւն մը եւ իրենք եղան մրցումին տիրապետողները:
Նշենք, որ նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բռնած էին յատուկ պաստառ մը` վրան զետեղուած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին հանգուցեալ ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի լուսանկարը, այս ձեւով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով անոր, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած էր խումբին եւ եղած անոր թիւ 1 համակիրը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման
3-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 4 կէտ:



