Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան երեք մրցումներ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ հիւրը եղաւ Պէյրութի, կրեց 86-41 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 43-26, ի նպաստ` Պէյրութի):
Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ պարտուեցաւ Հուփսէն (69-51), մինչ Անդրանիկ Պէյրութ յաղթեց Մթայլեպին (73-56):
8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռիատի Պէյրութ, ապահոված է առաւելագոյն 16 կէտը` իր կատարած բոլոր մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտելով:
Պէյրութ արձանագրած է 7 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Հուփս արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն:
Իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ, արձանագրած է չորս յաղթանակ եւ կրած նոյնքան պարտութիւն: