Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Սեւան 7-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փիւնիկ-2-ին հանդիսացաւ ախոյեան` ապահովելով 68 կէտ:
Երկրորդ հանդիսացաւ Երեւանի բանակայիններու խումբը, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Արարատ-Արմենիայի հետ, ունեցաւ 65 կէտ:
Նշենք, որ ձմեռնային արձակուրդէն ետք, Սեւան արձանագրեց 13 յաղթանակ, ինչպէս նաեւ յաջողեցաւ արձանագրել իր 14-րդ յաջորդական յաղթանակը, ախոյեանութեան մրցումներուն գծով: