Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 1 յունիսին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 104-67 արդիւնքով (33-14, 60-26, 82-48 եւ 104-67):
Յաղթական կազմէն Նետիմ Սուէյտ նշանակեց 23 կէտ, իսկ անոր խմբակից Մարք Խուէյրի` 21 կէտ: Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Օմար Պապա (15 կէտ):
Սաժես, որ ցարդ կրած է 5 պարտութիւն, արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը, մինչ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ ցարդ արձանագրած է 2 յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր 11-րդ պարտութիւնը:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Ռապիհ Մասրի եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել: