Թաշքենտի մէջ (Ուզպեքիստան) տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ յաջողեցան բարձր պահել իրենց երկրին անունը:
Գարիկ Կարապետեան (96 քկ) Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը, երբ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 355 քկ արդիւնք մը (162+193):
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Արթուր Բաբայեան, որ երկամարտի մրցումներուն մէկ քիլոկրամով միայն զիջեցաւ Կարապետեանին:
Նշենք, որ Կարապետեանէն առաջ ոսկի մետալի տիրացած էր Լիանա Գիւրջեան (81 քկ), մինչ 2018-ի պատանեկան ողիմպիականի խաղերու ախոյեան Կարէն Մարգարեան (81 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալի: