Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը պիտի մեկնի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ, հոն իր մասնակցութիւնը բերելու ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին:
Վարկանշային այս մրցաշարքը, որ ընդհատուած էր նախորդ տարի «Քորոնա» ժահրին պատճառով, պիտի վերսկսի 4 յունիսին եւ պիտի աւարտի 8 յունիսին:
Նշենք, որ մարզիչներ Ռաֆայէլ Մեհրաբեանի, Ռոպերթ Պետրոսեանի, Կարէն Ղազարեանի եւ Սամուէլ Սողոմոնեանի գլխաւորութեամբ հաւաքականը երկու շաբթուան հաւաք մը կատարեց ողիմպիական աւանին մէջ:
Այս հաւաքին մասնակցեցան 21 մարզիկներ:
Այդ մարզիկներէն միայն Կորիւն Սողոմոնեանն է, որ ցարդ ապահոված է Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու իր տոմսը: