Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի ողիմպիական խաղերուն զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, ամերիկացի Սիտնի Մաքլաֆլին աղջկանց 400 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն արձանագրելով 51,9 արդիւնք մը, աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Այսպիսով, 21 տարեկան ամերիկացին կոտրեց 2019-ին աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին հաստատուած նախկին մրցանիշը (52,16):
Այստեղ պէտք է նշել, որ աթլեթիզմի այս մրցումները տեղի ունեցան բարձր ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ: