Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ներկայացուց Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցաշարքի քաշային կարգերուն լաւագոյն քառեակները:
Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երկրորդն է 97 քկ քաշային կարգին մէջ, ուր յառաջատարն է ռուս Մուսա Եւլոյեւ:
Եւրոպական խաղերու փոխախոյեան Կարապետ Չալեան, երրորդն է 77 քկ քաշային կարգին մէջ: Գիւմրեցի ըմբիշէն առաջ են հունգարացի Թոմաշ Լորինց եւ շուէտացի Ալեքս Քեսիտիս:
Նշենք, որ Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի երկու այլ ներկայացուցիչներ` Արմէն Մելիքեան (60 քկ) եւ Կարէն Ասլանեան (67 քկ), չեն ընդգրկուած լաւագոյն քառեակին մէջ:
Նշենք, որ ազատ ոճի ըմբիշներէն ողիմպիականի տոմս ապահոված են նաեւ Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) եւ Վազգէն Թեւանեան (65 քկ):



