Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը երէկ համալրուեցաւ յաւելեալ մարզիկով մը:
Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը ապահովեց նաեւ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի եւ եւրոպական խաղերու ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Յովհաննէս Բաչքով:
Այսպիսով, ներկայ դրութեամբ Հայաստան ունի ողիմպիականի 15 տոմս: