Երկու օրուան դադարէ եւ հանգիստէ ետք, երէկ եւ նախանցեալ օր կատարուեցան «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի չորս մրցումներ:
Ինչպէս ծանօթ է, խմբակներու դրութեամբ մրցումները աւարտած են եւ պարտուող կազմերը դուրս կը մնան մրցաշարքէն:
Շաբաթ օր, Դանիա եւ Իտալիա ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Կալեսի (4-0) եւ Աւստրիոյ (2-1, երկարաձգումէն ետք):
Դանիայէն տուպլէ մը իրագործեց Քասպեր Տոլպեր:
Իսկ Իտալիոյ կոլերը նշանակեցին Ֆետերիքօ Քիեսա եւ Մաթէօ Փեսսինա:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումներուն, Չեխիա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նետըրլանտներուն դէմ:
Թոմաս Հոլես եւ Փաթրիք Շիք նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, մինչ Նետըրլանտներէն կարմիր քարտ մը ստացաւ Մաթիաս Տը Լիկթ (52-րդ):
Վերջապէս, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր Պելճիքա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Փորթուգալի:
Թորկան Հազար նշանակեց Պելճիքայի եւ մրցումին միակ կոլը (42-րդ):
Այսօր` երկուշաբթի, 28 յունիսին կը կատարուին երկու մրցումներ:
Ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Խրուաթիա կը մրցի Սպանիոյ դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին, Ֆրանսայի մրցակիցը կ՛ըլլայ Զուիցերիա: