Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:
Այս մրցումին արդիւնքէն կախեալ է ՀՄԸՄ-ի Դ. դասակարգ չփոխադրուիլը, կամ` Գ. դասակարգին մէջ գոյատեւելը:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն իրենց մրցակիցէն խլելու առաւելագոյն երեք կէտը:



