Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին պիտի կիրարկուի «ՎԱՐ» համակարգը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարին ընթացքին այս մասին յայտարարեց ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան:
«Մենք սկսանք այս համակարգը ներդրելու հոլովոյթին, որ պիտի տեւէ 8-10 ամիս: Հոլովոյթը քիչ մը բարդ է, բայց մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ ընտելանանք անոր», ըսաւ Մելիքբէկեան: