Երէկ` ուրբաթ, 25 յունիսին, պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոսի հետ:
15 հոկտեմբեր 1955-ին ծնած Քափարոս իր պաշտօնը ստանձնեց մարտ 2020-ին:
Նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը, 2019-ին ան Սեւիլլայի նահանգին կողմէն պարգեւատրուած էր ոսկիէ մետալով:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան եղած է բազմաթիւ ակումբներու մարզիչ:
Ան առաւել յաջողութիւն գտած է Աթլեթիք Պիլպաոյի, Տեփորթիւօ Քորունայի եւ ի մասնաւորի Սեւիլլայի հետ:



