Երէկ` կիրակի, 27 յունիսին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի «կրան փրի»-ն, Սթիրիըն վազքուղիին վրայ (Աւստրիա):
Անիկա աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ` Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 22 վայրկեան 18 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը` ֆինլանտացի Վալթերի Թոթթաս:
Այս հանգրուանէն ետք Վերսթափեն 156 կէտով կը գրաւէ վարորդներուն առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին կը գտնուի Հեմիլթըն (138 կէտ):
Նշենք, որ 9-րդ հանգրուանը եւս տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ մէջ, 4 յուլիսին: