Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի դէմ:
Մնալու համար Գ. դասակարգին մէջ` ՀՄԸՄ պէտք էր առաւելագոյն երեք կէտը ապահովէր իր մրցակիցէն:
Սակայն դժբախտաբար այդպէս չպատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր մրցակիցէն, փոխադրուեցաւ Դ. դասակարգ: