Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 70-50 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլին, ապահովեց ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իր տոմսը:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. 19-12,
37-19, 52-29 եւ 70-50:



