Ուքրանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած կռփամարտիկ Արամ Ֆանիեան նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «ԱՅ. ՊԻ. Օ.»-ի միջազգային գօտիի տիտղոսին:
Գերմանիոյ մէջ իր կատարած մենամարտին, ան իրաւարարներուն միաձայն որոշումով 95-93, 96-93 եւ 97-72 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Թիմօ Շվարցքոփֆի:
Նշենք, որ հայազգի կռփամարտիկը իր նախկին մենամարտին իր յաղթանակը արձանագրած էր ուզպեք Մոհամետսալիմ Սոթվոլտիեւի դէմ: